.
ՀԱՀԽ-ի եվ ԱՀԱԸ-ի համատեղ խոսքը

«Թէեւ մահուան շուքի մէջ ալ պտըտիմ, չարէն պիտի չվախնամ, վասն զի Դուն ինծի հետ ես». (Սաղմոս 23.4)

      Հայաստանի եւ Արցախի հողերուն վրայ անցնող եօթը շաբաթներու ազգային աղէտալի վերիվայրումներու վաղորդայնին՝ ներկայիս կը դիմակալենք յետ-պատերազմեան դառն իրողութիւնը:

      Հերոսներու սերունդի մը զոհաբերումը, սերունդ մը, որ տիրող տագնապէն աւելի կրտսեր է. մեր բնաշխարհ Արցախի խաղաղասէր ժողովուրդին տուներուն, գիւղերուն ու քաղաքներուն կործանումը, մեր պատմական անտառներու հրկիզումը, մեր եկեղեցիներուն, հիւանդանոցներուն եւ դպրոցներու անխնայ ռմբակոծումը, միջազգային օրէնքներու կողմէ արգիլուած զէնքերու գործածութիւնը եօթը շաբաթներու ընթացքին թշնամիին կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի վրայ իր աւերը գործեց:

      Աղէտ մըն է ա'յս, որ ոչ ոք կրնայ ուրանալ, ցաւ մը, որ ոչ ոք կրնայ մեղմացնել:

      Այո', յաղթանակի գագաթը դեռ չմագլցած՝ մենք քալեցինք մահուան շուքի ձորէն: Եւ այսօր այն պահն է, քաղաքակրթութեան ճանապարհի այն հանգրուանին, որուն մէջէն կ'անցնի մեր մարտիրոս ժողովուրդն ու Հայրենիքը:

      Ճանապարհը որուն վրայէն պիտի քալենք գալիք օրերուն մեզմէ կը պահանջէ անվեհեր ոգի, տոկունութիւն, ինքնավստահութիւն եւ քաջութիւն:

      Յետ-պատերազմի վերականգնումի եւ համախմբումի այս օրերուն՝ որոշ համոզումներ կը բաժնենք եւ որոշ յանձնառութիւններ ընելու կոչուած ենք:

-   Յարգանքով կը խոնարհինք մեր նահատակներու յիշատակին առջեւ, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին Հայրենիքի պաշտպանութեան ի խնդիր, եւ կը հաստատենք մեր անվերապահ զօրակցութիւնը մեր ժողովուրդին:

-   Կանգուն կը կենանք ժողովրդավարական սկզբունքներով ընտրուած Հայաստանի եւ Արցախի պետական իշխանութիւններուն եւ կը յարգենք մեր ժողովուրդին կամքը:

- Կը պահանջենք ճանաչումը Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան՝ միացեալ ազգերու ընտանիքին կողմէ, այն հասկացողութեամբ որ անոր ապահովութիւնը երաշխաւորուի:

- Կոչ կ'ուղղենք Արցախի ժողովուրդին վերադառնալ իրենց տուները եւ կը հաստատենք մեր յանձնառութիւնը գործնականպէս սատարելու վերադարձի գործընթացին:

-  Կանգուն կը կենանք Հայաստանի Հանրապետութեան կողքին եւ կը շարունակենք մեր աշխատանքը՝ սատարելու անոր հոգեւոր աճման, ինչպէս նաեւ անոր ֆիզիքական եւ տնտեսական զարգացման:

-  Կը վերահաստատենք մեր վճռական յանձնառութիւնը շարունակելու Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան կրթական, ընկերային, մարդասիրական ծրագիրներն ու գործունէութիւնները եւ ի պահանջեալ պարագային: ընդարձակելու զանոնք:

-     Քրիստոնէական սիրոյ ոգիով պիտի շարունակենք մեր գործակցութիւնը եւ քոյր կազմակերպութիւններուն հետ:

- Կոչ կ'ընենք բոլոր հայ կազմակերպութիւններուն եւ քաղաքական ուժերուն, որ ի սէր Հայրենիքին մէկդի դնեն իրենց տարբերութիւնները եւ սիրով ու համերաշխութեամբ գործակցին իրարու հետ:

-   Այս Արեւին տակ, կը խարսխենք մեր հաւատքը մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի թափած արիւնին վրայ եւ յարատեւ կը ջանանք պատիւ բերել Աստուծոյ անունին:

Անցնող քանի մը շաբաթներուն, Աստուած պարգեւատրեց Արցախն ու Հայաստանը նորածին երախաներով: Արդ, անխոնջ սիրով եւ գործով ջանանք անոնց ապագան փայլուն պահել: Թող Աստուած խաղաղ եւ երջանիկ կեանք շնորհէ անոնց, որպէս զի իտէալական Հայրենիքի մը մէջ, անոնք կարենան հաւատքի ջահը բարձր պահել համայն մարդկութեան համար:

Հայ Ավետարանական Համաշխարհային խորհուրդ
Ամերիկայի Հայ Ավետարանչական ընկերակցություն