.
Հայ Ավետարանական եկեղեցու առաքելությունն այսօր

Հոդվածի հեղինակ՝
Դոկտոր Միհրան Ճիզմէճեան
Կանադայի ՀԱԸ ատենապետ

Ի՞ՆՉ Է Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին առաքելութիւնը այսօր, իր կազմութենէն 175 տարիներ ետք: 1846 Յուլիս 1-ին, մեր հիմնադիրները՝ 37 այր եւ 3 կին հարկադրաբար եւ ակամայ կազմեցին Հայց. Աւետարանական Եկեղեցին Պոլսոյ մէջ: Այն ճշմարտութիւնները որոնց համար անոնք դուրս ձգուեցան Մայր Եկեղեցիէն, կը շարունակեն կազմել հիմնաքարերը եւ հաւատամքի սիւները Հայ Աւետարանական Շարժումին այսօր:

Ես կը հաւատամ որ մեր անմիջական առաքելութիւնն ու պարտականութիւնն է, խորքով եւ իմաստով մնալ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ: Մեր նախնիքները զայն կոչեցին Հայաստանեայց, որովհետեւ ան կազմակաերպուեցաւ որպէս անբաժան մէկ մասը Հայ Ազգին: Մնալով Սբ. Աւետարանի սկզբունքներուն հաւատարիմ, մեր հայրերը Աւետարանական կոչեցին Եկեղեցին, քանի որ անոնք՝ Սուրբ Աւետարանի ուսուցումները ընդունեցին, որպէս իրենց անձնական կեանքին ու գործին եւ իրենց Եկեղեցիին առաքելութեան եւ վարչամեքենային միակ ուղղեցոյցը եւ վերջապէս մնալ Եկեղեցի՝ այսինքն Քրիստոսով փրկուած հաւատացեալներու խումբ մը՝ որ իր կեանքով եւ գործելաոճով, կը հետեւի Մեծ Ուսուցիչին օրինակին:

Մեզի, աւետարանականներուս համար, Աստուածաշունչն է միակ կանոնը, ուղղեցոյցը եւ առաջնորդը մեր առօրեայ կեանքին: Աւետարանական ըլլալ ամէն բանէ առաջ կը նշանակէ, անձնական կեանքի բնագաւառներուն մէջ Աւետարանի ուսուցմունքներուն հետեւիլ, անոնցմով առաջնորդուիլ ու անոնցմով ապրիլ: Զատուած կեանք մը ունենալ եւ Աւետարանի ոգիին համապատասխան բարեպաշտ կենցաղ եւ օրինակելի նկարագիր մը: Աւետարանական անհատը տան, գործատեղիին կամ հանրութեան մէջ ըլլալու է լուսատու վկայ մը՝ խաւարը լուսաւորող լոյս մը իր շրջապատին մէջ եւ կերակուրին համ տուող աղը :

Աւետարանականներս ցաւ ի սիրտ ընդունելու ենք սակայն թէ, որպէս անհատներ եւ որպէս եկեղեցիներ մեր կեանքերն ու գործընթացը, երբեմն մեր անզիջող եւ աններող ընթացքը խոտոր կը համեմատին Աւետարանի մէջ յիշուած՝ սիրոյ, ներողամտութեան եւ ծառայութեան հոգի ցուցաբերող տիպար հաւատացեալի մը կեանքին հետ:

Քրիստոնէութիւնը պարզ կրօն մը ըլլալէ աւելի կեանք մըն է որպէս վկայութիւն մը ապրուելու համար, ի տարբերութիւն միւս կրօններէն որոնք օրէնքներու շարք մը ունին միայն հնազանդելու համար: Քրիստոնէական կեանքը կը հիմնուի վերստին ծնունդի փորձառութեան վրայ, անհատական եւ գիտակից քայլ մը ուր Յիսուսը Տէր եւ Փրկիչ կ’ընդունուի: Ըստ Պօղոս Առաքեալին արդարը հաւատքով պիտի ապրի, զգուշ իր անձնական հաւատքով միայն եւ ոչ թէ իր հայրերէն ժարանգած հաւատքով:

Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին գոյութիւնը սակայն ամէնեւին ինքնանպատակ չէ: Հոգեւոր բեռնաւորում մը՝ իր ազգակիցներուն հոգիներուն զարթնումը եւ փրկութիւնը հետապնդելու համար:

Քրիստոնէական այս կեանքը ապրելու համար Յիսուս մէկ պատուիրան միայն տուաւ մեզի: Պատուիրան մը սակայն որ իր մէջ կը բովանդակէ ամբողջ ապրելակերպ մը: «Քու Տէր Աստուածդ սիրես բու բոլոր սրտէդ, ու քու բոլոր անձէդ եւ քու բոլոր զօրութենէդ եւ քու բոլոր միտքէդ, եւ քու ընկերդ քու անձիդ պէս»: (Ղուկաս 10. 27)

Մեր վկայութիւնը որքան աւելի զօրաւոր պիտի ըլլայ եթէ որպէս հաւատացեալներ եւ Եկեղեցիներ, կարենանք լիուլի հնազանդիլ Տէրունական պատուիրանին: «Ասով ամէնը պիտի գիտնան որ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»: (Յովհ. 13. 35):

զԱստուած եւ մեր ընկերները սիրել՝ պատուիրանին հնազանդիլ, կ’ենթադրէ:

  • Ճանչնալ եւ ընդունիլ Աստուծոյ, մեր արարիչը ըլլալը:
  • Պաշտել զինք հոգիով եւ ճշմարտութիւնով:
  • Հնազանդիլ իրեն եւ ուղղել մեր կեանքերը, ենթարկուելով Աւետարանի սկզբունքներուն:

Սիրել մեր ընկե՞րը: Բայց, ո՞վ է իմ ընկերս: Ըստ «Բարի Սամարացի»ի առակին, իմ ընկերս ան է որ ինծի պէտք ունի: Ան է, որ անօգնական եւ դժուարութեան մէջ է, ան է որ ի վիճակի չէ ինծի օգնելու, հապա իմ օգնութեանս կը կարօտի:

Քրիստոսի Եկեղեցին ըլլալ կը նշանակէ հետեւիլ մեր Տիրոջ՝ Յիսուսի կեանքի օրինակին որ կատարեալ հնազանդութեան կեանք մըն էր: Սիրոյ, զոհաբերութեան եւ անսակարկ նուիրումի եւ ծառայութեան կեանք մը: Այսպիսի կեանք մը ապրելով է միայն որ Յիսուս պիտի վարձատրէ մեզ ըսելով՝ «Եկէք, իմ Հօրս օրհնածները, աշխարհի սկիզբէն ձեզի համար պատրաստուած հանգիստը մտէք»: (Մատթ. 25. 34): Վերջին դատաստանին մեզի պիտի արտօնուի մեր Տիրոջ աջ կողմը կենալ եւ ոչխարներու խումբին մաս կազմել, որովհետեւ մեր կեանքի ընթացքին, մենք անօթին կշտացուցինք, ծառաւեալը հագեցուցինք, հիւանդ կամ բանտի մէջ եղողներուն այցելութիւն գացինք, մերկերը հագուեցուցինք: Յիսուս ըսաւ «Ինչ որ այս պզտիկներէն մէկուն ըրիք, ինծի ըրիք»: (Մատթ. 25. 35-36):

Ճշմարիտ Եկեղեցի ըլլալ կը նշանակէ իրարու հանդէպ գուրգուրացող սիրտ մը ունենալ: Իրարու պէտքերուն հաղորդ ըլլալ: Մոռնալ մեր ԵՍ-ԵՐը եւ փափաքիլ որ մեր ընկերներն ալ ունենան այն բարիքները որոնք մեզի համար հաճելի եւ լաւ են:

Ճշմարիտ Եկեղեցի մը ըլլալու համար հետեւեալ 6 կէտերը ակնյայտ ըլլալու են մեր յարաբերութիւններուն մէջ:

  1. Անկեղծութիւն – Մեր յարաբերութիւններուն մէջ անկեղծ ըլլալու ենք: Յիսուս խստօրէն դատապարտեց փարիսեցիները զիրենք «Իժերու ծնունդներ եւ կեղծաւորներ կոչելով: Դժբախտաբար կեղծաւորութիւնը Հայ Աւետարանական իրականութեան մէջ ալ մուտք գործած ըլլալով իր աւերները կը գործէ Եկեղեցիիէն ներս եւ պատճառներէն մէկն է անոր գաղջ վիճակին: Մարդեր անկարող են վստահելու այս կամ այն հաւատացեալի խօսքերուն, քանի որ ան տեղին համաձայն իր դիմակը փոխելու յատկութիւնը ունի: Հաւատացեալը խուսաբելու է կեղծաւորութենէ:
  2. Ներողամտութիւն – Յիսուս Տէրունական աղօթքին մէջ արտայայատուեցաւ այդ մասին ըսելով «Ներէ մեզի մեր յանցանքները, ինչպէս մենք ալ կը ներենք մեր պարտականներուն»: Մենք ինչ չափով որ ներենք այն չափով ալ պիտի ներուի մեզի: Սրբազան Պետրոս Առաքեալի հարցումին թէ մէկը քան՞ անգամ ներելու է իր եղբօր, Յիսուս պատասխանեց «Եօթանասուն անգամ եօթը»:Այլ խօսքով սիրող անձը հաշիւ չի բռներ, եթէ ճշմարտապէս կը սիրենք մեր ըմկերները որքան որ ալ անոնք ցաւցոգցած ըլլան մեզ, ներելու պատրաստ կ’ըլլանք անոնց:
  3. Ծառայութիւն եւ զոհաբերութիւն – Սիրել՝ ծառայութիւն եւ զոհաբերութիւն կ’ենթադրէ: «Վասնզի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ Իր միածին որդին տուաւ որպէսզի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ չի կորսուի հապա յիւիտենական կեանք ունենայ»: (Յովհ. 3. 16): Մեր զոհողութեան եւ ծառայութեան չափը ցոյց կու տայ մեր սիրոյն աստիճանը: Որքան շատ սիրենք այնքան շատ զոհելու եւ զոհուելու պատրաստ կ’ըլլանք: Կարելի չէ սիրել եւ չծառայել երբ մեր ծառայութեան կարիքը կը տեսնուի: Աշխարհի հասկացողութեամբ ծառայութիւն ընդունողը մեծ է իսկ Քրիստոնէական շափանիշով՝ ծառայողը աւելի մեծ է:
  4. Գնահատութիւն եւ շնորհակալութիւն – Սիրել կ’ենթադրէ գնահատել դիմացինին մէջ գտնուող լաւ կէտ մը: Յաճախ շատ ժլատ կը գտնուինք գնահատելու բայց առատաձեռն կ’ըլլանք մեր քննադատութիւններուն մէջ: «Մի՛ դատէք որպէսզի չի դատուիք, քանզի ի՞նչ չափով որ դատէք անով պիտի դատուիք»: (Մատթէոս 7. 1): Վարժեցնենք մենք զմեզ գնահատելու մեր ընկերոջ նոյնիսկ ամենափոքր ծառայութիւնը: Կարելի չէ երեւակայել թէ որքա՜ն դրական տարբերութիւն պիտի ընէ դիմացինին վրայ մեր պարզ շնորհակալութիւն մը յայտնելը:
  5. Վստահութիւն եւ վստահելիութիւն – Սիրել կ’ենթադրէ վստահիլ եւ վստահելի ըլլալ: Երբ բան կը խոստանանք, ջանանք անպայման յարգել մեր խոստումը եթէ նոյնիսկ վնասով պիտի ելլենք: «Ձեր Այոն, այո եւ Ոչը ոչ ըլլալու է» խօսքը այս կապակցութեամբ ըսուած է եւ ոչ թէ մեզ յամառութեան առաջնորդելու: Մեր հաւատացեալ հայրերը Թուրքիոյ մէջ իրենց բարի վարքով եւ ճշմարտախօսութեանբ ճանչցուած էին, այնքան որ Օսմանեան Կայսրութեան դատարաննրուն մէջ անոնց երդում անգամ ընել չէին տար: Ուր մնացած է այսօր վստահելիութիւնը մեր խօսքերուն:
  6. Արդարութիւն – Սիրել կը նշանակէ նաեւ արդար ըլլալ եւ յարգել դիմացինին իրաւունքը: «Քանզի կ’ըսեմ ձեզի եթէ ձեր արդարութիւնը դպիրներուն եւ փարիսեցիներուն արդարութենէն աւելի չ’ըլլայ, բնաւ պիտի չմտնէք երկինքի թագաւորութւնը»: (Մատթէոս . 9): Որքան յաճախ ականատես կ’ըլլանք անարդարութ-իւններու, ուրիշներու իրաւունքներուն ոտնակոխ ըլլալուն եւ բողոքի ձայն մ”իսկ չենք բարձրացներ: Ինծի ի՞նչ, կամ իմ ի՞նչ հոգս է ըսելով, կ’աշխատինք արդարացնել մենք զմեզ եւ կը փորձենք ազատիլ տաղտկալի կացութենէն: Որպէս ՆՈՐ ԿԵԱՆՔԻ կոչուած հաւատացեալներ, մերն է անփոխարինելի պարտականութիւնը, պաշտպանել տկարը եւ իր իրաւունքներէն զրկուածը: Քաջութիւնը ունենալու ենք ճշմարտութեան եւ արդարութեան սիրոյն, նոյնիսկ առանձինն մնալու եթէ անհրաժեշտ ըլլայ: «Երանի անոնց որ հալածուած են արդարութեան համար, վասնզի երկինքի թագաւորութիւնը անոնցն է»: (Մատթէոս 5. 10):

Արդեօք մենք միայն «Կիրակի» օրերու՞ Քրիստոնեաներ ենք, թէ ոչ շաբթուայ ընթացքին ալ մեր ամէնօրեայ գործառնութիւններուն մէջ առաջին տեղը Աստուծոյ տուած ենք:

Մեր ընկերներուն եւ շրջապատի մարդերուն հետ մեր յարաբերութիւններու ընթացքին, ո՞րքան անկեղծ, ներող, ծառայելու եւ զոհուելու պատրաստ ենք: Մենք ո՞րքան գնահատել գիտենք մեր անձին կամ եկեղեցիին մատուցուած ծառայութիւն մը, ո՞րքան վստահելի ենք եւ կը վստահինք մեր յարաբերութիւններուն մէջ: Ո՞րքան հետամուտ ենք արդարութեան եւ դիմացինին արդար իրաւունքը տալու: Քաջութիւնը ունի՞նք արդարութեան եւ ճշմարտութեան սիրոյն առանձինն մնալու:

Իմ աղօթքս ու մաղթանքս է որ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիները ընդհանրապէս եւ մեր համայնքի զաւակները մասնաւորապէս, հոգեւոր վերազարթնում մը ապրին 175-ամեակի սեմին, հետեւելով աւետարանական սկզբունքներուն, առանց սակայն այդ սկզբունքները յարմարեցնելու իրենց անձնական մանր մունր հաշիւներուն եւ դառնան՝ վկայող քաջ եկեղեցիներ եւ տիպար հայ քրիստոնեաներ:

 

Նախորդ
...
X